
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակյան կուսակցության պատմական հերոս ԱՒԵՏԻՍ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
ԱՒԵՏԻՍ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ (ԽՄԲԱՊԵՏ ԱՒՕ)
1865_1899
Ծնած է Մուշի Ալիգբլուն գիւղը։
1883_ին, իր հայրենակից շատ մը երիտասարդներուն նման, ձեռք կ'առնէ պանդխտութեան ցուպը եւ կը մեկնի Պոլիս։1887_ին կը վերադառնայ Հայրենի գիւղը, կրկին կը վերադառնսյ Պոլիս։ Կը ծանօթանայ Հնչակեան քարոզիչներու, ու կը մտնէ անոր շարքերը։ 1890_ին կը մասնակցի Գում_գաբուի ցոյցին։
Պոլսոյ մէջ կ'ունենայ կուսակցական գործունէութիւն, որը չի վրիպիր կառավարութեան աչքէն։ Կ'անցնի Աթէնք եւ կը գործակցի Կեդրոնական Վարչութեան ընկերներուն հետ։ Հոն, Կուսակցութեան որոշումով, կը կատարէ երկու տեռորական գործողութիւններ։
1893_ին, կուսակցական առաքելութեամբ կը մեկնի Կիլիկիա։ Մերսինի մէջ կը ձերբակալուի եւ կը ղրկուի Պոլիս։ Քսան օր բանտարկուելէ ետք ազատ կ'արձակուի եւ կ'անցնի Յունաստան, ապա` Պուլկարիա։ 1895_ին կ'անցնի Կովկաս,Պաքու,այնտեղէն ալ`Թաւրիզ։
Թաւրիզի մէջ կը միանայ Երկիր մեկնող《Շանթ》50 հոգինոց Հնչակեան խումբին եւ կը նշանակուի խումբին դրօշակակիրը։
1897 Յուլիսին, Փարամազի 40 հոգինոց խումբով, քրտական ցեղախումբերու հետ շատ մը արիւնահեղ կռիւներ ունենալով, կը մտնէ երկիր։ Խումբին մէկ մասը կ'ապաստանի վարագայ լեռը ,որտեղ կռուի կը բռնուի քրտական գերակայ ուժերու հետ եւ բուռն պայքարին մէջ բոլորն ալ կը նահատակուին։ Խումբին միւս մասը ներառեալ Աւօն , կը մտնեն վան։
Վանի մէջ խումբը կը մատնուի։ Փարամազն ու ընկերներէն ոմանք կը ձերբակալուին ։ Աւօն կ'ազատի ու կը կատարէ կարեւոր գործ մը.ան, մեծ դժուարութեամբ կը հաւաքէ բերուած զէնքերն ու զինամթերքը ու կը յանձնէ Վանի Հնչակեան մասնաճիւղին։
Աւոյին համար անհնար կը դառնայ մնալ վան։ Կը վերադառնայ Սալմաստ ։ Կը դառնայ շրջանի մարտական պատասխանատուն։ Կը գործակցի Ս.Մուրատի հետ։
1898_ին , Զաքէ անունով մատնիչի մատնութեամբ, Մահլամ գիւղին մէջ 9 դաշնակցական յեղափոխականներ կը ձերբակալուին եւ կը գլխատուին։ Աւօն գերագոյն խիզախութեամբ մը կը մտնէ մատնիչին տունը եւ կը սպաննէ զայն։
1899 Սեպտեմբեր 14_ին, Ս.Մուրատի հետ, Հնչակեան ֆետայիներու հաւաքավայր Փայաջուկ գիւղէն Սաւրա երթալու ճամբուն վրայ, դարանակալ գնդակներու զոհ կ'երթայ Աւօն։
Կը թաղուի Փայաջուկ գիւղի գերեզմանոցը։ Հողաթումբը կը դառնայ Հնչակեան անձնազոհներու երդման վայր